Monday, April 6, 2009

Unexplainable feelings in an Armenian church

Պապա, Նորէ՞ն սկսար լալ




Sourp Hagop, Montreal (photo: Krikor Tersakian)













Ամէն Կիրակի օր անպայմանօրէն եկեղեցի գացողը չեմ:
Չեմ տիրապետեր մեր հազարամեայ եկեղեցւոյ մերթ ոսկեայ եւ յաճախ ողբերգական պատմութիւնը:
Գրիգոր Լուսաւորիչէն Մովսէս Խորենացի, անցնելով Գրիգոր Նարեկացիէն մինչեւ մեր դարաւոր զոյգ կաթողիկոսութեանց մանրամասնութիւնները տիրապետելէ շատ հեռու եմ:
Չեմ կարդացած Նարեկը: Կը խոստովանիմ նաեւ որ կողքէ կողք չեմ լրացուցած Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը:
Մեր սքանչելի Սուրբ Պատարագին ծանօթ եմ իր ընդհանրականութեան մէջ միայն:
Սակայն...
Ամէն անգամ որ կը մտնեմ հայկական եկեղեցի, մարմինս կը վերածուի ելեկտրականացած մէկ մասսայի, գլուխս արագօրէն տեղի կուտայ սրտիս եւ սիրտս իր կարգին տեղի կուտայ հոգւոյս:



Votive candles at Keghart Monastery, Armenia. Everything is rock-carved except for the candle stand! Գեղարդի մէջ կիսահալ մոմեր...





Եկեղեցւոյ մուտքին պլպլացող կիսահալ մոմեր՞ն են միթէ: Մեր եկեղեցիներուն խորաններ՞ն են իրենց խիստ նշանակելի եւ խորհրդաւոր «Է» տարով: Հայ կղերականին հաւատքն ու նուիրո՞ւմը, դպրաց դասին երգեցողութիւ՞նը, առաջնորդին գա՞հը: Արդեօք Հայոց Պատմութիւն՞ն է խտացուած քանի մը շարականներու ընդմէջէն թէ Յիսուսի խաչելութիւնը գծուած միջակօրէն տաղանդաւոր արուաստագէտի մը կողմէ: Այս բոլորին պատասխանը կարեւոր ալ չէ: 

Գիտեմ թէ Եկեղեցին իմ վրաս կը բանեցնէ կախարդական եւ անբացատրելի մէկ ազդեցութիւն, խոհուն, խորհրդաւոր իր հազարամեայ ծանրութեամբ: 

Դպրաց դասը կ'երգէ: «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ որպէս Աստուած.. Ակնթարթի մը մէջ արդէն հոգիս սաւառնած է, աչքերս լեցուած են ու ներաշխարհս աւելի իրար անցած է քան նոր պատրաստուող եւ օծուող Սուրբ Միւռոնի կաթսան: -«Պապա, նորէ՞ն սկսար լալ», ականջիս կը փսփսայ մանչս՝ Ալեքսը: - «Չէ, տղաս, չեմ լար, քիչ մը յուզուած եմ միայն»
-«Նորէն մի' սկսիր» Կ'ըսէ միւս մանչս՝ Սեւանը
-«Ոչինչ» կը պատասխանեմ, «ոչինչ»:



Ին՞չ եղաւ: Չեմ գիտեր ինչ եղաւ: Այդ կախարդական «ին՞չ եղաւ»ներուն ոչ գիտեմ ոչ ալ կրնամ բացատրել:
«Հաւատք» եւ « Եկեղեցւոյ հանդէպ յարգանք» դիւրապէս բացատրելի բառեր եւ թեմաներ չեն: 

Բացէք որեւէ բառարան եւ կարդացէք «հաւատք» բառին բացատրութիւնները: Կը վստահեցնեմ որ բոլոր բացատրութիւններն ու պատասխանները թիրի են ու անգոհացուցիչ:
Զգացումները միշտ ալ եղած են աւելի զօրաւոր քան լոկ բառերու շարանները: Այո, «հաւատք»ը անբացատրիլի մարդկային զգացում մըն է:
Իսկ «Հայ Եկեղեցւոյ հաւատք»ը կը դառնայ աւելի բարդ, ճնշիչ եւ միաժամանակ բուժիչ եւ գոհացուցիչ:
Վստահ եմ որ օր մը երկու մանչերս պիտի հասկնան եւ զգան այս բոլորը:


Գրիգոր Դերձակեան

Մաշտոցի արձագանգ, Մոնթրէալ







No comments:

Post a Comment